Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Հայ-Վրացական Յարաբերութիւնները Թեւակոխած Են Որակական Նոր Փուլ». Սերժ Սարգսեան

Աշխատանքային այցով Վրաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարգվելաշվիլիի հետ: Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են բարձր մակարդակի հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգը, նախանշած զայն առաջ մղելու նոր հեռանկարները, անդրադարձած են քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման ուղղուած ընթացիկ ծրագիրերուն:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, նախագահներ Սարգսեան եւ Մարգվելաշվիլի երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով փոխշահաւէտ նախագիծերու իրականացման համար կարեւոր համարած են՝ ընդելուզման տարբեր գործընթացներու ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Վրաստանի շարունակական համագործակցութիւնը:

Երկու երկիրներու նախագահները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ` ընդգծելով տարածաշրջանի կայուն, խաղաղ եւ անվտանգ զարգացման կարեւորութիւնն ու այդ ուղղութեամբ եւս համագործակցութիւնը:

Սերժ Սարգսեան եւ Գիորգի Մարգվելաշվիլի հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են լրատուամիջոցներու առջեւ համատեղ յայտարարութիւններով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին