Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ Փարակուէյի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, նախարարին յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Հայաստան կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման շարունակական ընդլայնումը կը վկայէ, որ մարդկութեան դէմ իրականացած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն նոյնիսկ հարիւր տարի անց՝ մարդկութիւնը կը շարունակէ ճանչնալ եւ դատապարտել այդ ոճրագործութիւնը:

«Այս քայլով Փարակուէյի Ծերակոյտը կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերուն»:

Նշենք, որ Փարակուէյի Ծերակոյտը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ: Բանաձեւը ընդունուած է միաձայն:

Հրապարակուած հռչակագիրին մէջ  Փարակուէյի Ծերակոյտը արձանագրած է, որ «կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութիւնը, որ գործադրուած է 1915-1923  թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ կ՛ոգեկոչէ 100րդ տարելիցը` իբրեւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր»: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ծերակոյտին անդամները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին