29 Հոկտեմբերին եւ լոյս 30ի գիշերը Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ. ականանետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1000 կրակոցներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի մամուլի ծառայութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: