Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

«Սուրիահայերը Շուէտի Մէջ Կրցան Եկեղեցի Ունենալ». Հրանոյշ Յակոբեան

«Ցաւօք, վերջին շրջանին Սուրիայէն ստացուած լուրերը մտահոգիչ են, ամէն օր հակասական լուրեր կը ստանանք», panorama.am-ի փոխանցմամբ այս մասին Ազգային Ժողովին մէջ  յայտարարեց       ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` պատասխանելով ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեանի հարցին:

Նախարարին խօսքերով Սուրիական բանակը տեղաշարժելով կը գրաւէ որոշ գիւղեր եւ բնակավայրեր, միեւնոյն ժամանակ քրտական շարժումը աշխուժացած է, իսկ ահաբեկիչները կը շարունակեն ռմբակոծել տարբեր բնակավայրեր:

«Վերջին շրջանում թիրախ դարձած է Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասը, որուն ռմբակոծութեան հետեւանքով անցած շաբաթուայ ընթացքին ունեցած ենք 4 զոհ` մայր եւ որդի, ծեր կին եւ 14-ամեայ երեխայ: Այնուամենայնիւ մեր շտապօգնութեան կառոյցը, դիւանագիտական մարմինները եւ հոգեւոր կառոյցները կ’աշխատին: Հայկական 15 դպրոց կը շարունակէ գործել: Կը գործեն եկեղեցիները, փորձ կը կատարուի կազմակերպել համայնքային կեանքը», ըսաւ Հ. Յակոբեան:

Ան նշեց նաեւ, որ սուրիահայերը որոնք կը մեկնին Եւրոպա, մեծ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն տեղի հայկական համայնքներուն մէջ: Օրինակ օրեր առաջ Շուէտի մէջ, ըստ նախարարին, բացուած է հայկական եկեղեցի, այն պարագային, երբ տեղի հայկական համայնքը տարիներ շարունակ չէր կրնար եկեղեցի բանալ. «Սուրիահայերը յայտնուեցան այնտեղ եւ 1.5 տարի յետոյ հայկական եկեղեցի կրցան ունենալ», աւելցուց նախարարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին