«Երկրաշարժէն մոռցուածները» (“Les Oublies du Sisme-Solidarite Facebookianne”) մարսէլահայերու ֆէյսպուքեան խումբը, իր հերթական բարեգործւթիւնը (այս տարի արդէն երկրորդ անգամ) իրականացուց` 1988թ. կործանարար երկրաշարժէն տուժած Սպիտակ քաղաքին մէջ: Այս անգամ մարսէլահայերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ յայտնուած էին եկամուտի աղբիւր չունեցող, ֆիզիքական եւ մտաւոր խնդիրներ ունեցող տարեց մարդիկ: Այս մասին «Հայերն Այսօրին» կը տեղեկացնէ Ժիլպեր Տէրտէրեան:
Հոկտեմբեր 22-ին միութեան անդամներ Ժիլպեր Տէրտէրեան, Գօգօ Պապայեան եւ Հրաչեայ Ասլանեան այցելեցին Սպիտակի տաս տարեց կարիքաւոր անձանց, որոնք կը բնակին ծայր աստիճան անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող տնակներու մէջ:
Անսպասելի էր այս տատիկներու եւ պապիկներու բերկրանքը՝ երբ տեղեկացան, թէ ինչ է այցի նպատակը: Խումբի ներկայացուցիչները 200ական եւրոյի համարժէք դրամ պարունակող ծրարներ փոխանցեցին տարեցներուն, քանի որ վերջիններուս ապրուստի միակ միջոցը ամէնամսեայ կենսաթոշակն է:
«Երկրաշարժէն մոռցուածները» խումբի անդամները կը հաւաստիացնեն, որ բարեգործական ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ : Այսուհետ եւս իրենց աջակցութիւնը կ’ուղղորդեն թէ՛ 1988թ. երկրաշարժէն տուժած միւս կարիքաւոր ընտանիքներուն, թէ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու այն բնակիչներուն, որոնք տուժած են թշնամիի գնդակոծութիւններէն: