Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը   փառաբանած, գովերգած ու պանծացուցած է Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ գործին՝ հայ գիրերու գիւտին յիշատակը:

Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015ին նոյն գիտակցութենէ եւ ազնիւ հպարտութենէ մղուած, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտութիւնը կոկիկ   յայտագիրով մը նշեց եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց   հայ գիրի, դպրութեան   եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն ու ոգեկոչեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ գրական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ վարժարանիս նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն լեզուի դասատու Տիկին Մարալ     Քէհեայեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնի   խորհուրդին եւ յայտնեց, թէ աշխարհի   մէջ չկայ ազգ մը, որ   հայութեան չափ կառչած ըլլայ իր լեզուին: Չկայ լեզու մը, որ յստակօրէն եւ պարզօրէն   կարենայ գրական   խոր միտքեր արտայայտել, ինչպէս որ չկայ ազգ մը, որ իր լեզուին տօնը ունենայ եւ իր լեզուն   պաշտամունքի առարկայ դարձնէ:

Ապա բեմ բարձրացան Թ. կարգի աշակերտներէն Ալին Պետոյեան, Աբօ Մսըրլեան եւ Սէրուժ Գէորգ, ընթերցելու Թարգմանչաց Տօնի իմաստն ու արժէք ներկայացնող գրութիւններ: Բ. Դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայերէն կ՛երգենք» երգը: Գ. Դասարանի աշակերտները յստակ առոգանութեամբ եւ ինքնավստահ արտասանեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին» արտասանութիւնը, իսկ Դ. Կարգի աշակերտները արտասանեցին «Այբուբեն Հայոց»ը: Ե. Դասարանէն Արման Փարթամեան ընթերցեց «Մեսրոպ Մաշտոցին» խորագիրով հատուած մը: Ա. դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Հայաստան» պարով, անոնք իրենց համաչափ ու հեզաճկուն շարժումնեով առինքնեցին ներկաները եւ արժանացան անոնց գնահատանքին: Դ. Դասարանի աշակերտները խմբերգեցին «Հայերէն» երգը: Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան Է. Կարգի աշակերտները՝ արտասանելու «Հայ լեզուն» եւ Զ. Կարգի աշակերտները՝ արտասանելու «Հայ լեզուն Տունն է Հայուն» քերթուածները:

«Չինացիները կը սորվին հայերէն» խորագիրով ընթերցում կատարեցին Ը. Կարգէն ՝ Սերենա   եւ Նաթալի Ղազարեանները:

Յայտագիրին վերջին բաժինով հանդէս եկան Ե. Դասարանի աշակերտները երգելով «Մայրենի Լեզու» երգը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ վարժարանիս Տնօրէնուհի Տիկին Մարալ Պալեօզեանը, փոխանցելու իր սիրտի խօսքը։ Յարգելի Տնօրէնուհին դրուատեց աշակերտներուն ներկայացումը, ապա գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող Տիկին Մարալին, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցաւ նման յաջող ձեռնարկ մը պատրաստել: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ սիրենք ու գուրգուրանք մայրենին եւ տէր կանգնիք այբուբենին:

Tarkmanchats 1

Tarkmanchats 3

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին