Աշխատանքային այցով Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ուեսթմինսթըրի մէջ մասնակցեցաւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նոր սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան, կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ընդհանրական արարողութիւնը Լոնտոնի եպիսկոպոս Ռիչըրտ Չարթրիսի հետ հանդիսապետեց Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ուէյլսի արքայազն Չարլզը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մարտիրոսներու յիշատակութիւնն ու անոնց անմահ հոգիներու համար ընդհանրական աղօթքը հնչեց նաեւ որպէս հրաւէր բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, ազգերուն ու ժողովուրդներուն` միանալու արդարութեան հաստատման համար աղօթքին եւ իրենց ձայնը հնչեցնելու մարդկութեան դէմ մեծագոյն յանցագործութեան` ցեղասպանութեան դէմ պայքարին, աղօթելու աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման ու պահպանման համար:
Արարողութեան ժամանակ հոգեւոր երգերը կատարեց Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ Հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբը: