Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Իտալական Rai 3 Հեռուստաալիքը Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մասին Հաղորդում Մը Պատրաստած Է

Իտալական Rai 3 հեռուստաալիքը բաւական ուշագրաւ ճանապարհորդական հաղորդում մը պատրաստած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին` անդրադառնալով գրեթէ բոլոր տեսարժան վայրերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, նոյնիսկ Հայաստանի եղանակին, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Հաղորդման սկիզբը հաղորդավարներէն մէկը կը նշէ, որ Հայաստան փոքր երկիր է, մօտաւորապէս Իտալիոյ Փյեմոնթէ շրջանին չափ, եւ հնագոյն պատմութիւն ունի:

Ան կ’աւելցնէ, որ Հայաստան աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած է որպէս պետական կրօն, այնուհետեւ կը խօսի Հայաստանի եղանակին մասին նշելով, որ հաւանաբար այդ երկիրը այցելելու համար ամենագեղեցիկ եղանակը աշունն է:

Միւս հաղորդավարը կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ թերեւս ճամբորդելու համար ամենայարմարը ինքնաշարժով ուղեւորութիւնն է, քանի որ Հայաստանի մէջ չկայ ժամանակակից զարգացած ճանապարհային ցանց, ինչպէս նաեւ շոգեկառքերու համակարգ, որ կարենար այլընտրանք ըլլալ ինքնաշարժին:

«Փառաւոր անցեալի մնացորդներն ու ներկայի յառաջդիմութեան նշանները, Ցեղասպանութեան վէրքերը եւ կուսական բնութիւնը. այս ամէնը կը պատմեն հին եւ հպարտ ժողովուրդի պատմութիւնը, 3,5 մլն բնակչութիւն, որ կ’ապրի Հարաւ-Արեւմտեան Ասիոյ սրտին վրայ գտնուող լեռներուն մէջ», այսպէս կը սկսի տեղեկագրութիւնը:

Ինչպէս կը պատմէ հեղինակը` մայրաքաղաք Երեւանը անմիջապէս կը գրաւէ ճամբորդողները՝ իր տուֆէ կառուցուած շէնքերու գոյներու բազմազանութեամբ, փողոցները կոկիկ են ու պայծառ: Հեղինակը կը նշէ, որ կեդրոնը գտնուող այս երկրի յայտնի զաւակներէն մէկուն` Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած հրապարակին վրայ կարելի է անցնելով ճատրակ խաղալ` մարզաձեւ մը, որուն մէջ հայերը իսկական վարպետ են:

Ասիոյ այս սրտին մէջ կեանքը աշխոյժ է բոլոր ժամերուն: Երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը հաւաքուին երեւանցիները` վայելելու կախարդական շատրուաններէն բարձրացող լոյսերն ու գոյները:

Հեղինակը ճանապարհորդութիւնը կը սկսի Զուարթնոցի աւերակներով եւ կը նշէ, որ ան ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցանկին վրայ է եւ այստեղէն կարելի է հիանալ Արարատի տեսարանով: Հեղինակը այնուհետեւ ճանապարհը կը շարունակէ դէպի ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէկ այլ վայր` Գեղարդաւանք, որմէ յետոյ ալ Գառնի: Անցնելով լեռներու գեղատեսիլ տեսարաններով եւ կիրճի մէջով` կարելի է հասնիլ Հայաստանի ճարտարապետական ամենագեղեցիկ կառոյցներէն մէկը` Նորավանք, կ’ըսէ հեղինակը:

Ճամբորդութիւնը կը շարունակուի դէպի Ջերմուկ: Հեղինակը կը պատմէ այդ անուան նշանակութեան մասին եւ կը նշէ, որ 8րդ դարէն աշխոյժ այս վայրը առողջարանային կեդրոն է, ուր կարելի է  բուժուիլ տարբեր հիւանդութիւններէ:

Այնուհետեւ ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի դէպի հարաւ-արեւելք եւ կը հասնի աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղին, որ կառուցուած է ամենադժուարհասանելի եւ գեղատեսիլ վանքերէն մէկը` Տաթեւ հասնելու համար: Հեղինակը կը նշէ, թէ ինչպիսի կարեւոր կրօնական եւ մշակութային կեդրոն  եղած է Տաթեւը եւ կը պատմէ վանքին մասին:

Ճամբորդութիւնը կը հասնի նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղ: Հեղինակին խօսքով այս երկիրը հետաքրքիր փորձառութիւն կը տրամադրէ՝ ոչ միայն բնութեան տեսանկիւնէ: «Այս վիճելի հողերը արիւնալի պատերազմներու թատերաբեմ  դարձած են դեռ 19րդ դարու սկիզբը, վերջինը եղած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, մէկ կողմէ իսլամ Ազրպէյճանը եւ միւս կողմէ քրիստոնեայ Հայաստանը, որ այս տարածքին մէջ մեծ բնակչութիւն ունեցած է: Դժուար է այսօր կիսել անցեալի ճիշդն ու սխալը, յոյսը այն է, որ փոքր Շուշի քաղաքին եւ միւս քաղաքներուն մէջ միշտ խաղաղութիւն տիրէ», կը նշէ հեղինակը:

Հեղինակը այնուհետեւ կը պատմէ Շուշիի մասին, կ’անդրադառնայ քաղաքի եղանակին եւ կը նշէ, որ դեռ կարելի է տեսնել պատերազմի հետեւանքները, աւերուած շինութիւններ, աւերակներ դարձած թաղամասեր, որոնց կողքին սակայն, վերականգնուող քաղաքի նշաններն են, ինչպէս ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որուն սրահներուն մէջ հաւաքուած են արդի արուեստագէտներու նկարներն ու քանդակները:

Շուշիէն ետք նկարահանող խումբը այցելած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, ուր ցոյց տուած է քաղաքին տեսարժան վայրերը:

Լեռնային Ղարաբաղէն կրկին Երեւան վերադառնալով` հեղինակը կ’առաջարկէ այցելել Մատենադարան եւ ծանօթանալ աշխարհի հին գիրքերու ամենահարուստ հաւաքածոներէն մէկուն, այնուհետեւ հանգստեան օրերուն գործող «Վերնիսաժ» այցելել, ինչպէս նաեւ Քոնեաքի գործարան:

Հաղորդումը կ’անդրադառնայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան: Նկարահանող խումբը այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկ: Հեղինակը կը նշէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին յանցագործութիւնն էր մարդկութեան դէմ:

Հաղորդման աւարտին հեղինակը կը նշէ, որ կ՛արժէ այցելել «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութիւններու կեդրոն, որ երիտասարդներուն համար հիանալի վայր է սորվելու, ստեղծելու եւ կառուցելու համար` ծրագրաւորումէն մինչեւ շարժական ֆիլմեր, երաժշտութենէն մինչեւ ռոպոթներ:

Նիւթի պատրաստման աջակցած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի զբօսաշրջիկութեան տնօրէնութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին