Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Պունտեսթակի Պատգամաւորը Կոչ Կ՛ուղղէ Գերմանիոյ Իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունելու

Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւոր (Քրիստոնէա-ժողովրդավարական միութիւն), Գերմանա-հայկական ֆորումի նախագահ Ալպերթ Վայլերը ջանքեր պիտի գործադրէ, որ Պունտեսթակը Օսմանեան կայսրութեան` հայերու դէմ իրականացուցած Ցեղասպանութեան դատապարտման վերաբերեալ շուտափոյթ բանաձեւ ընդունի:

Ինչպէս «Արմէնփրես»ը կը տեղեկացնէ, հաշուի առնելով բազմաթիւ դիմումները, որոնք պատգամաւորը կը ստանայ Պունտեսթակի յիշեալ բանաձեւի ճակատագիրի վերաբերեալ` ան յատուկ նամակ մը յղած է Գերմանիոյ նախագահ Եոահիմ Գաուկին, Պունտեսթակի նախագահ փրոֆէսոր դոկտոր Նորպըրթ Լամերթին եւ ՔԴՄ/ՔՍՄ խմբակցութեան ղեկավար Ֆոլքըր Քաուտերին:

Նամակին մէջ ան կը յորդորէ բարձրաստիճան այս գործիչները օգտագործելու իրենց հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը՝ համապատասխան մարմիններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատշաճ բանաձեւ ընդունելու նպատակով: Գերմանա-հայկական ֆորումի նախագահը միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գաուկին եւ Լամերթին՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առնչութեամբ ունեցած իրենց ելոյթներուն համար, ինչպէս նաեւ Քաուտերին աշխարհի մէջ քրիստոնէաներու դէմ հալածանքներու խնդիրը հետեւողականօրէն բարձրացնելու համար: Վայլերը ցաւով կ՛արձանագրէ, որ այսօր ալ աշխարհի շատ մը մասերու մէջ քրիստոնեաներուն վիճակը կը շարունակէ ողբերգական մնալ: «Նաեւ այս պատճառով Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ յետագայ ցեղասպանութիւններու, կոտորածներու եւ հետապնդումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Վայլերի նամակին մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին