Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Հրապարակուած Են Հայաստանի ՀանրաքուէինՆախնական Ընտրացուցակները

ՀՀ ոստիկանութիւնը հրապարակած է՝ ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն նախնական ցուցակները, ըստ տարածքներու եւ հանրաքուէի տեղամասերու, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` ցուցակները փակցուած են հանրաքուէի տեղամասերուն մէջ: Անոնք տեղադրուած են նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան պաշտօնական կայքին մէջ` ներբեռնելու հնարաւորութեամբ:

Հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ցուցակներուն ծանօթանալու ժամանակ, եթէ անճշտութիւններ յայտնաբերուին, մինչեւ Դեկտեմբեր 1 զանոնք ճշգրտելու համար, քաղաքացիները կրնան դիմել լիազօր մարմինին` տարածքային անձնագրային ծառայութիւն կամ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն:

Լիազօր մարմինը դիմումը ստանալէ ետք 5 օրուան ընթացքին, սակայն ոչ ուշ քան մինչեւ Դեկտեմբեր 2, բաւարար հիմքերու առկայութեան պարագային ընտրողներու ցուցակին մէջ պիտի կատարէ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կամ ուղղումներ` այդ մասին գրաւոր տեղեկացնելով դիմողին:

Ընտրացուցակներու ճշգրտման, անճշտութիւններու վերաբերեալ հաղորդումներ ընդունելու նպատակով երէկուընէ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան մէջ կը գործէ թէժ գիծ ծառայութիւն` 010-37-02-36 հեռաձայնով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին