Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Թարգմանչաց Տօնը Նիւ Եորքի Մէջ

                                             *ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*

 26 Հոկտեմբերին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց (ՍՆԱՎ) ամէնօրեայ Ազգային վարժարանի Գալուստեան սրահին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Դրօշակներու ներս բերման արարողութենէն ետք հնչեցին ԱՄՆ-ի և ՀՀ օրհներգերը։ Ցերեկոյթը աղօթքով բացաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիի հովիւ՝ Արժ. Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան։ Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց վարժարանի տնօրէնուհի, վաստակաշատ մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեան։ Օրուան յայտագիրին մասնակցեցան փոքր, միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտները, որոնց կատարմամբ հնչեցին՝ Ավետիք Իսահակեանի, Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի, Վահագն Դավթեանի, Խաչիկ Դաշտենցի, Ս. Մուրատեանի եւ ուրիշներու բանաստեղծութիւնները։ Կատարուեցան նաեւ «Թարգմանչաց տօն», «Ոսկէ դար», «Փոքրիկ Հայաստան» եւ հայրենասիրական խմբերգեր։

—Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը գրիչը ձեռքին ստեղծագործելով, մշակոյթ ստեղծելով տուեր է պատասխանը այն չարերուն, որոնք հայ ժողովրդին ցանկացած են ջնջել այս երկրի վրայէն։ Հայ ժողովուրդը արդար, միամիտ, աշխատասէր, պատուաբեր, Հայրենիք ստեղծող, Հայրենիքով ապրող, կռունկեան երգեր երգելով ժողովուրդ է։ Այսօրուան այս երախաներուն բեմէն արտասանած բոլոր բանաստեղծութիւնները պիտի վկայեն, որ այս բոլորը շարունակութիւնն են Մեսրոպ Մաշտոցեան այն զգացմունքներուն, որոնք երկու հազար տարի առաջ Սահակ Պարթեւի հետ միասին տուին հայ ազգին ոսկէ գիրեր, որ մենք գոյատեւենք եւ ստեղծագործենք։ Թող Աստուած օրհնէ մեր այս մատաղ սերունդը, անոնց մանկավարժներուն արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն տայ։ Յատկապէս կ’ուզէի նշել վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանին, որ իր ջանքն ու եռանդը անմնացորդ ձեւով տուեր է այս մատաղ սերունդի դաստիարակութեան — զրույցի ժամանակ ըսաւ ցերեկոյթի պատուաւոր հիւր, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, ճանչցուած խմբավար Խորէն Մէյխանեճեան։ Օրուան պատուաւոր հիւրերէն էին նաեւ Նիւ Եորքի Համազգայինի անդամներ՝ Սոնեա Պզտիկեան եւ Արմինէ Մինասեան։

DSC_9355

DSC_9307

DSC_9294

DSC_9270

DSC_9212

DSC_9204 (1)

DSC_9185

        

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին