Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Վիեթնամ Կը Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հնարաւորութիւնը

Վիեթնամ կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւնը: Այդ մասին Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու 3-րդ Միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս, Ծիծեռնակաբերդ կատարած այցէն ետք NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ՝ Վիեթնամի արդարադատութեան նախարար Հա Եունկ Կունգը:

“Մենք կը քննարկենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ընդհանուր առմամբ Վիեթնամը կը դատապարտէ որեւէ ազգի դէմ իրականացած ցեղասպանութիւնը”, ըսաւ նախարարը:

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Հանոյի միջեւ յարաբերութիւններու պատմութեան` Հա Եունկ Կունգը նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ միշտ բարեկամական յարաբերութիւններ եղած են, իսկ Վիեթնամի պատերազմի տարիներուն Հայաստանը օգնած է աւելի քան 1000 քատրերու նախապատրաստման գործին: Անոնցմէ շատեր մինչ օրս կ’աշխատին ինչպէս պետական համակարգի, այնպէս ալ երկրի տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ:

“Անիկա մեր յարաբերութիւններու ժառանգութեան մէջ մեծ ներդրում է, զոր պէտք է յետայսու եւս զարգացնել”,ամփոփեց նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին