Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հանրաքուէին Համար Կազմուած Է 1997 Տեղամաս

Հայաստանի մէջ 6 Դեկտեմբեր­ին կայանալիք Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութիւնը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով, հանրապետութեան տարածքին օրէնքով սահմանուած կարգով կազմուած են 1997 տեղամասեր, սահմանուած են տեղամասերու հերթական թիւերը եւ տեղամասային կեդրոնները:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի՝ ԿԸՅ-­ի համացանցային կայքին մէջ հրապարակուած ՀՀ դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններու մէջ դիւանագիտական ծառայութիւն ընող, հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու եւ անոնց հետ արտերկրի մէջ բնակող ընտանիքի` հանրաքուէին մասնակցելու իրաւունք ունեցող անդամներուն ցուցակը: Անոնց քուէարկութիւնը պիտի իրականանայ ելեկտրոնային միջոցով: Հանրաքուէին ելեկտրոնային ձեւով քուէարկողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 265 քաղաքացի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին