Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

«Պաքու Կը Ցանկայ Տապալել Հայաստանի Եւ Եռանախագահ Երկիրներու Ջանքերը». Էտուարտ Նալպանտեան

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները: Հանդիպումի ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու շուրջ, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած առ այն, որ նոյնիսկ նախորդ ամիս եռանախագահներուն երկու յայտարարութիւններէն ետք, Ազրպէյճան շարունակած է Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ հրադադարի կոպիտ խախտումները:
«Ազրպէյճանի կողմից սահմանային սադրանքները զուգորդւում են Պաքւում ամենաբարձր մակարդակով ռազմատենչ յայտարարութիւններով ու սպառնալիքներով, թշնամանքի եւ ատելութեան քարոզչութեամբ: Ազրպէյճանի կողմից միջադէպերի քննութեան մեխանիզմ ստեղծելու՝ համանախագահների հասցէական հրապարակային կոչի մերժումը վկայում է, որ Պաքուն ցանկանում է տապալել Հայաստանի եւ եռանախագահ երկրների ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմանը», շեշտած է նախարար Նալպանտեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին