Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Մինսքի Խումբի Համանախագահները Պիտի Հանդիպին Արցախի Ղեկավարութեան Հետ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիւ (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփչիկի ուղեկցութեամբ, տարածաշրջանային այցի ծիրէն ներս 26 Հոկտեմբեր­ին կը ժամանեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն` հանդիպելու երկրի ղեկավարութեան հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը, 27 Հոկտեմբեր­ին համանախագահները պիտի մասնակցին Մարտակերտ-­Թարթառ ճանապարհահատուածի վրայ ԵԱՀԿ առաքելութեան կողմէ իրականացուելիք՝ ԼՂՀ եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի դիտարկումին:

Դիտարկման ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը պիտի անցնին ազրպէյճանական տարածք` Արցախի կողմէ:

ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման իրականացման եւ ապահովելու դիտարկման մասնակիցներու անվտանգութիւնը։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին