T.E.R.R.E. Liban կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը միացաւ Լիբանանի մէջ աղբերու զտման հանրային արշաւին, որուն նպատակն է կենսոլորտային առումով յարմարագոյն լուծումը առաջադրել աղբերու տագնապին, որուն մէջ է մեր երկիրը երկար ժամանակէ ի վեր:
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-էն սկսեալ, Մեսրոպեանի 33 աշակերտներէ բաղկացած կամաւորներու խումբը պիտի սկսի շրջիլ Պուրճ Համուտի բնակարանները, աղբերու զտման եղանակին եւ օգուտներուն մասին գործնական ու խորհրդատուական օժանդակութիւն առաջարկելու համար քաղաքացիներուն: Աշակերտները քաղաքացիներուն պիտի տրամադրեն յատուկ պարկեր եւ արկղներ ու անոնց պիտի առաջարկեն կատարել ոչ-օրկանական աղբերու զտում: Աղբերու պարկերը կանոնաւոր ժամանակացոյցի մը համաձայն պիտի հաւաքուին ու տեղափոխուին վերամշակման կեդրոններ՝ T.E.R.R.E. Liban կազմակերպութեան միջոցներով: Աղբերու զտման կէտեր պիտի հաստատուին նաեւ վարժարանին մէջ, աշակերտները վարժեցնելու համար կենսոլորտի եւ նիւթերու խնայողութեան այս դրութեան:
23 Հոկտեմբերին, T.E.R.R.E. Liban կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան՝ Մեսրոպեանի կենսոլորտի պահպանութեան աշակերտական խմբակի անդամներուն հետ եւ անոնց բացատրեցին նշեալ աշխատանքին նկարագիրը՝ իր տարբեր կողմերով:
Նշենք, որ T.E.R.R.E. Liban Լիբանանի ոչ-կառավարական ամենաաշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ կենսոլորտի պաշտպանութեան յայտնի գործիչ Փօլ Ապի Ռաշէտի ղեկավարութեամբ, մեծապէս կը նպաստէ երիտասարդութեան մօտ կենսոլորտի պաշտպանութեան գիտակցութեան կազմաւորման:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կ՛ակնկալէ քաղաքացիներուն եւ մանաւանդ ծնողներու զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ այս օգտաշատ ծրագիրի իրականացման մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի