Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

«Հայաստանի Կողմէ ԼՂ Անկախութեան Ճանաչումը Պաքուի Մէջ Իբր Սադրիչ Քայլ Պիտի Դիտարկուի». Ճէյմս Ուորլիք

Եթէ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, այդ մէկը Ազրպէյճանի մէջ պիտի դիտարկուի իբրեւ սադրիչ քայլ։ Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:

«Հայաստանի կողմէ ԼՂ անկախութեան ճանաչումը Պաքուի մէջ պիտի դիտարկուի իբրեւ սադրիչ քայլ: Իմ յայտարարութիւնը այդ մասին էր, ես չեմ կանխատեսած, որ պատերազմ պիտի սկսի…։ Մենք կը փափաքինք, որ ըլլան այնպիսի բանակցութիւններ, որոնք պիտի առաջնորդեն համընդգրկուն լուծման, բոլոր սկզբունքները պէտք է ընդունուին իբրեւ հիմք», ըստ Artsakhpress.am-ի ըսած է Ուորլիք։

Վերջինս նշած է, որ ժամանակն է, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի. «Ես անհանգստացած եմ. ժամանակն է, որ խաղաղութիւն ըլլայ: Ատիկա դիւրին չէ, բայց կրնայ աւելի վատ ըլլալ»:

Յիշեցնենք, որ համանախագահները պիտի այցելեն Երեւան եւ Ստեփանակերտ, իսկ 28 Հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներէն յետոյ՝ պիտի հատեն սահմանագիծը եւ պիտի մեկնին Ազրպէյճան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին