Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հետաքննութիւն Սկսած է Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Ռակըփ Զարաքոլուի Նկատմամբ

Անգարայի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը «Ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք յայտնի հրատարակիչ, լրագրող եւ մարդու իրաւունքներու աքթիւիստ Ռակըփ Զարաքոլուի նկատմամբ:

Այս մասին ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է թրքական DemokratHaber լրատուական կայքը նշելով, որ այսպիսի մեղադրանք Զարաքոլուին առաջադրուած է 2010 թուականին՝ քրտական Roj TV հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին առնչութեամբ: Զարաքոլուի նկատմամբ հետաքննութիւնը Անգարայի դատախազութեան յանձնարարութեամբ սկսած է դատախազ Ռամազան Տինչի կողմէ՝ 2010 թուականին անոր դէմ բացուած «Սահմանադրական կարգի դէմ կատարուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան թղթածրար»ի ծիրէն ներս, որմով կ՛ամբաստանուին նաեւ 9 լրագրողներ:

Զարաքոլուի գլխաւորած «Պելկէ» հրատարակչութիւնը հանդէս եկած է թեմայի հետ կապուած յայտարարութեամբ, որուն մէջ նշած է, որ Զարաքոլուն որեւէ հարցազրոյց չէ տուած յիշեալ հեռուստաալիքին, եւ որ անոր դէմ «Ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մեղադրանքը շինծու է:

Հրատարակչութիւնը Զարաքոլուի դէմ հետապնդումները բացատրած է այն իրողութեամբ, որ վերջինս մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100­ամեայ տարելիցին առիթով՝ այս տարուան 22-23 Ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային գիտաժողովին եւ հանդէս եկած Ցեղասպանութիւնը ժխտողներու դէմ քննադատութեամբ:

«Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթէն յետոյ Ռակըփ Զարաքոլուի դէմ «օրակարգ հանուեցաւ դարակին մէջ նիրհող թղթածրարներէն մէկը», ­ նշած է հրատարակչութիւնը: Թրքական կայքը յայտնած է, որ Ռակըփ Զարաքոլուի նկատմամբ նման «մեղադրանք»ը առաջինը չէ:

2011 թուականի Հոկտեմբերին ահաբեկչական կազմկերպութեան օգնելու մեղադրանքով, 5 ամիս ժամկէտով կալանաւորուելէ յետոյ Զարաքոլուն դատարանի որոշման համաձայն ազատ արձակուած էր: Ան կալանաւորուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պաշտօնապէս ներկայացուած՝ Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (BDP) Քաղաքականութեան ակադեմիայի բացման ժամանակ ելոյթ ունենալու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին