Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան Նախընտրական Ծրագիրին Մէջ Ցեղասպանութիւններու Հետ Առերեսուելու Մասին Կէտ Կայ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) անդամ հայ Կարօ Փայլան յայտնած է, որ կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին մէջ ցեղասպանութիւններու հետ առերեսուելու մասին կէտ կայ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի` թրքական «Pressturk» լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած հարցարոյցին մէջ Փայլան ընդգծած է, որ  նախընտրական ծրագիրին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը չէ յայտնուած զուտ այն պատճառով, որ կան նաեւ ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնները: «Մենք մեր ծրագիրին մէջ կը նշենք, որ բոլոր ցեղասպանութիւններուն հետ առերեսուելու համար պէտք է ստեղծուին համապատասխան յանձնաժողովներ եւ պետութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ», ընդգծած է Փայլան:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հայ պատգամաւորը ըսած է, որ այդ հարցին վերաբերեալ ԺԴԿ-ի քոնկրէսին որոշումը կայ, նաեւ անիկա ներառուած է կուսակցութեան կանոնադրութեան մէջ:

Փայլան յիշեցուցած է, որ ԺԴԿ համանախագահ Սելահատին Տէմիրթաշ բազմիցս արտայայտած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր տեսակէտը: «Իմ կուսակցութիւնը գիտէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն ըսելով քուէ չի շահիր: Հակառան անոր առերեսուիլը մեր սկզբունքներուն հիմքն է, եւ գիտենք, որ առանց առերեսուելու չենք կրնար դատապարտել գոյութիւն ունեցող չար մտածելակերպը», նշած է Փայլան աւելցնելով, որ այն աղէտը որուն մէջէն անցած է հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութիւն կը կոչուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին