Յակոբ Սրկ. Պարսումեան մեր պաշտօնակից «Գանձասար»ին տեղեկութիւններ փոխանցած է Սուրիոյ Ճէզիրէի հայութեան մասին։ Գամիշլիի մէջ թէեւ տագնապի հետեւանքով գաղթող ընտանիքներ եղած են, սակայն ներկայ տուեալներով այնտեղ կ՛ապրին շուրջ 550 հայ ընտանիքներ: Շրջանի ազգային կառոյցները կանգուն են եւ կը շարունակեն գործել: Կը գործէ շրջանի եկեղեցին,ինչպէս նաեւ Ազգ. Եփրատ վարժարանը իր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններով: Ապահովական առումով Գամիշլիէն ներս, թէեւ մերթ ընդ մերթ պայթումներ տեղի կ՛ունենան, սակայն իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է:
Հասիչէի մէջ կ՛ապրին 60-70 ընտանիքներ, որոնք ապահովական եւ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:
Տէրիքի Ազգ. վարժարանը կը գործէ, դասաւանդութիւնները կը շարունակուին:
Րաքքայի մէջ կ՛ապրին քանի մը հայ ընտանիքներ միայն: Անոնք ապահովական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն:
Ռաս ուլ Այնի մէջ եւս կ՛ապրին քանի մը հայ ընտանիքներ: Շրջանի եկեղեցին կանգուն է: