Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«ՌէԱնիմանիա» Փառատօնը Պիտի Բացուի 28 Հոկտեմբերին

28 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ՝ «ՌէԱնիմանիա» միջազգային մանկական շարժական ֆիլմի եւ պատկերապատման արուեստի 7րդ փառատօնը: Այս տարի փառատօնի մրցութային ծրագիրին ընտրուած են 184 շարժական ֆիլմեր, որոնք կը մրցին 5 անուանակարգերու մէջ` «Լաւագոյն լիամեթրաժ ֆիլմ», «Լաւագոյն կարճամեթրաժ ֆիլմ», «Լաւագոյն երաժշտական հոլովակ», «Լաւագոյն հեռուստատեսային եւ ուսուցողական ֆիլմ» եւ «Լաւագոյն աւարտական ֆիլմ»։ Այս մասին կը գրէ Armradio.am-ը:

1200 ֆիլմի յայտ, որոնցմէ մրցութային ծրագիրին ընտրուած են 184ը: «ՌէԱնիամանիա» մանկական շարժական ֆիլմերու 7րդ փառատօնին հայկական ֆիլմերու թիւը 12 է: Փառատօնի հիմնադիր նախագահ Վրէժ Քասունիի խօսքով` «ՌէԱնիմանիայի» հանդէպ տարիէ տարի կ’աճի սփիւռքահայ շարժանկարի գործիչներու հետաքրքութիւնը: Փառատօնը այս տարի կը ներկայանայ  շարք մը նորոյթներով ու անակնկալներով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի կապակցութեամբ «ՌէԱնիմանիա» փառատօնի ծիրէն ներս, «Վերածնունդ» խորագիրի ներքոյ կը ցուցադրուին ոչ մրցութային ֆիլմեր, կը ներկայացուին նաեւ վաւերագրական եւ փորձարարական ֆիլմերու ծրագիրներ ու պատկերապատումներու ցուցահանդէս: 7րդ  ֆիլմի փառատօնի նորոյթներէն է՝ «ՌէԱնիմանիա» շարժական ֆիլմերու կրթաթոշակը:

28 Հոկտեմբերին «ՌէԱնիմանիա» 7րդ փառատօնը պիտի մեկնարկէ  ֆրանսական «Մունէ» ֆիլմով, բեմադրիչներ Ալեքսանտր Հեպոյեան եւ Պենուա Ֆիլիփօ: Փառատօնի ծիրէն ներս մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի ցուցադրուին մօտ 400 ֆիլմեր: Անդրադառնալով «Ռատիոլուր»ի հարցին, թէ եօթ տարիներուն ընթացքին «ՌէԱնիմանիա» փառատօնը որքանով նպաստեց հայկական շարժական ֆիլմերու զարգացման, Վրէժ Քասունի նշեց` առաջին հերթին փառատօնը ստեղծեց միջազգային հարթակ հայ ֆիլմի գործիչներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին