Ահաբեկչական գործողութիւնները մարտահրաւէր են ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար: Այս մասին յայտարարեց ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան, Երեւանի մէջ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի՝ ՄԳԻՄՕի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆորումի ընթացքին, նման հաւաքները համարելով լաւ հնարաւորութիւն` միտքեր փոխանակելու միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ խնդիրներու մասին:
«Հայերը բնակւում են Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկներում` կազմելով բազմազգ, բազմակրօն խճանկարի անբաժանելի մասը: Սիրիական հակամարտութեան հետեւանքով միայն Սիրիայից Հայաստանն ընդունել է 17 000 փախստական: Մերձաւոր Արեւելքում հայկական համայնքների, ազգային փոքրամասնութիւնների խնդիրը մեզ համար մշտական անհանգստութեան առիթ է», ըսաւ նախարարը` խօսելով յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակին մասին:
Նալպանտեան շեշտեց նաեւ Իրանի միջուկային ծրագիրի հարցով գործընթացներու կարգաւորումը` նշելով, որ Իրանի մէջ տնտեսութեան զարգացումը էականօրէն կը փոխէ իրավիճակը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:
Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆորումին մասնակցելու նպատակով, Հայաստան ժամանած են 300է աւելի մասնակիցներ շուրջ 40 երկիրներէ: Բացման արարողութեան կը յաջորդեն Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի 200ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Լազարեան ճեմարանը երկու կրթօճախներէն մէկն է, որոնց հիման վրայ կազմաւորուած է ՄԳԻՄՕն: Ֆորումի բացման արարողութենէն առաջ մասնակիցները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: