Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի (ՄԳԻՄՕ) շրջանաւարտներու 3րդ Միջազգային համաժողովի մասնակիցները, 23 Հոկտեմբերի վաղ առաւօտեան այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հիւրերը ծաղիկներ դրած են՝ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի յաւերժական կրակի մօտ։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
Նշենք, որ 23-24 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կ’ընթանայ Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի շրջանաւարտներու 3րդ Միջազգային համաժողովը, որուն կը մասնակցին համալսարանի տարբեր շրջանաւարտներ ամբողջ աշխարհէն` պետական ծառայողներ, յայտնի տնտեսագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, գործարար հասարակութեան եւ խոշոր ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի շրջանաւարտներու միութիւնը, Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի հայկական ակումբը եւ Միջազգային յարաբերութիւններու Մոսկուայի պետական ուսումնարանի զարգացման հիմնադրամը։