Նոր Զելանտայէն աքթիւիսթ մը Հայաստան այցելած է` համոզուելու համար աւերուած տաճարները վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Artsakhpress.am վկայակոչելով 3news.co.nz-ը կը նշէ, թէ Ճէֆրի Ռաթպուն Քրայսթչըրչի Անկլիքան Մայր տաճարը վերականգնելու կոչով հանդէս եկող աքթիւիսթներէն է: Եկեղեցին աւերուած է 2011 թուականին Նոր Զելանտան հարուածած երկրաշարժի հետեւանքով:
Ռաթպուն Գիւմրիի մէջ սեփական աչքերով տեսած է աւելի քան 27 տարի առաջ աւերուած եկեղեցին, որուն վերանորոգումը կը մօտենայ իր աւարտին:
«Քաղաքի բնակիչները նոյնքան կապուած են այդ եկեղեցիին, որքան մենք: Եկեղեցին կ՛ուզէին վերականգնել, թէեւ բաւականաչափ միջոցներ չունէին: Բայց անոնք լի էին գումար գտնելու եւ շինարարութիւնը սկսելու վճռականութեամբ», ըսած է Ռաթպուն:
Ան Հայաստանէն Գիւմրիի եպիսկոպոսին եւ քաղաքապետին նամակները տարած է Նոր Զելանտա, որոնք աջակցութիւն կը յայտնեն այնտեղի Մայր տաճարի վերականգնման: Աքթիւիսթը զանոնք պիտի ներկայացնէ Քրայսթչըրչի քաղաքապետին եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն: