Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Գործարկուած է Տաթեւ Այցելելու Առցանց Ուղեցոյցը

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ, ստեղծուած է «Տաթեւ B&B» կայքը, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը:

Կայքին մէջ մինչեւ Տաթեւի վանական համալիր այցելելը՝ կարելի է նախապէս ծանօթանալ վարձակալութեամբ տրուող հիւրատուներուն եւ մնալու տեղ ապահովել հոն:

Կայքին մէջ զետեղուած են գիշերելու եւ նախաճաշի համար (bed and breakfast) նախատեսուած տուներու եւ հիւրանոցներու տուեալներն ու լուսանկարները, որոնք մանրամասն կը ներկայացնեն մատուցուող ծառայութիւնները:

Կայքին շնորհիւ բացի գիշերելու հարցերը հոգալէ, ամբողջութեամբ կարելի է ծրագրաւորել հանգիստը Տաթեւի եւ շրջակայ տեսարժան վայրերու մէջ:

«Տաթեւ B&B»ի մէջ ներկայացուած են տեսարժան վայրերը, տարբեր ժամանցներ կազմակերպելու հնարաւորութիւններն ու տեղական համեղ սնունդ մատուցող ճաշարանները եւ սրճարանները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին