Հոկտեմբեր 24, 2015
Հիմնուելով Կուսակցութեանս 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին վերաբերող՝ Հոկտեմբեր 12, 2015 թուակիր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեանս պաշտօնական յայտարարութեան վրայ,
Վերահասու ըլլալով կուսակցութեանս մեծ թիւով անդամներու փափաքին՝ մասնակից դառնալու վերոյիշեալ ժողովին,
Հասկնալով կարգ մը ընտրեալ պատգամաւորներու թէ ունկնդիրի հանգամանքով վերոյիշեալ ժողովին մասնակից դառնալ փափաքող անդամներուն թեքնիք դժուարութիւնները ատենին հասնելու Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէս,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015ին գումարած իր 38րդ հերթական ժողովի խորհրդակցութեանց լոյսին տակ, որոշեց հետեւեալը՝
- ՌԱԿ 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին վայրը Արժանթինէն փոխադրել՝ Հայաստան:
- Նկատի ունենալով կուսակցութեանս կանոնագրին 78րդ յօդուածը, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կը պարտադրէ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին թուականն ու վայրը Շրջանակներուն տեղեկացնել վերոյիշեալ ժողովէն առնուազն 4 ամիս առաջ, ՌԱԿ 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի որպէս նոր թուական նկատի առնուեցաւ յառաջիկայ տարուայ Գարունը, յաւելեալ մանրամասնութիւնները ձգելով աւելի ուշ լոյս տեսնելիք ամբողջացուցիչ յայտարարութեան:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ