Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Վանաձորի Մէջ «Թումօ» Կեդրոն Պիտի Գործէ

2016 թուականին Վանաձորի մէջ պիտի բացուի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը:

Այդ մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան` 20 Հոկտեմբերին Լոռիի մարզի ղեկավարութեան հետ ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ, կը գրէ «Մետիամաքս»ը:

Նախագահը ըսած է, որ յաջորդ տարի Վանաձորի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի
արհեստագիտութիւններու կեդրոնը, որ պիտի նպաստէ գիտատար եւ առաջաւոր նախաձեռնութիւններու իրագործման:

«Դրա հետ զուգահեռ պէտք է լուծենք նաեւ Վանաձորում «Թումօ» կեդրոնի մասնաճիւղի գործունէութեան խնդիրը: Բոլոր պարագաներում «Սիմոնեան կրթական հիմնադրամ»ը 2016թ. ունենալու է նաեւ «Թումօ» կեդրոնի մասնաճիւղ Վանաձորում: Բարերարի հետ ես արդէն խօսել եմ եւ կան մարդիկ, ովքեր այդ ծախսերն իրենց վրայ են վերցնելու, եւ ոչ միայն Վանաձորի, այլեւ Լոռու մարզի այլ բնակավայրերի երեխաները հնարաւորութիւն են ունենալու՝ փորձարկել իրենց ունակութիւնները նաեւ այդ ոլորտում», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին