Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Սուրիահայ Ուսանողներուն Ուսման Վարձերու Հարցով Պիտի Օգնէ

Հայաստանի կառավարութիւնը միջոցներ պիտի յատկացնէ՝ Սուրիայէն տեղափոխուած հայ ուսանողներու ուսումնական վարձը մասամբ փոխհատուցելու համար: Այս մասին որոշումը կայացած է ՀՀ Կառավարութեան 22 Հոկտեմբերի նիստին:

2015-2016 թթ. համար յատկացուած է 24.6 միլիոն դրամ (52 հազար տոլար):

2012թ. նոյնպէս նման աջակցութիւն յատկացուած էր պիւտճէէն, 2013-2014թթ.`  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ: Այդուհանդերձ միջոցները բաւարար չէին Սուրիայէն տեղափոխուած բոլոր ուսանողներուն աջակցելու համար, այդ պատճառով ալ պիւտճէէն կրկին յատկացուած է լրացուցիչ աջակցութիւն:

«Այս գործընթացը պէտք է շարունակել», աւելցուցած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին