Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած«Թոռներ» Ցուցահանդէսը` Սթամպուլի Մէջ

Սեպտեմբեր 3-էն Նոյեմբեր 1 Սթամպուլի մէջ կը գործէ  Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած  «Թոռներ» ցուցահանդէսը:  Ցուցահանդէսը  համակարգողը  ծնունդով արժանթինահայ, այժմ Պերլին բնակող  նկարչուհի Սիլվինա Տէր-Մկրտչեանն է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Bianet.org» կայքը լայնօրօէն անդրադարձած  է ցուցահանդէսին, անոր ստեղծման պատմութեան, պատմական ու հոգեբանական կողմերուն եւ նշանակութեան:

Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած են Մարիա Պետոյեանի, Մարթին Գարատաղեանի, Արման Թադէւոսեանի, Միքայէլ Օհանեանի, Աշոտ Աշոտի,  Թալին Պիւեուքքիւքչեան –Տէմիրճեանի, Անի Սէթեանի, Հերա Պիւեուքթաշչեանի, Մարիա Զոլամեանի, Արչի Գալենցի, Լինտա Գանջեանի  աշխատանքները:

Նշենք, որ Սիլվինա Տէր – Մկրտչեանը կը սերի Հայոց ցեղասպանութեան  ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանէն Արժանթին տեղափոխուած հայ ընտանիքէ մը: Պերլինի մէջ բնակելէ ետք սկսած է զբաղելու իր ընտանիքի պատմութեամբ, Անատոլիոյ հետ ունեցած կապերու հետազօտութեամբ,  սկսած է ուսումնասիրելու օսմանեան ժամանակներու հայերու կենցաղը, նիստուկացը, մշակոյթը: Այդ ուսումնասիրութիւնները իրենց արտացոլումը գտած են անոր «Յուշամատեան» նախագիծին մէջ: Տէր- Մկրտչեանը բազմաթիւն անգամներ եղած է Սթամպուլ, կազմակերպած է երկու անհատական ցուցահանդէս եւ շարք մը այլ մշակութային ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կուտակուած փորձն ու ստեղծուած արժէքները հիմք հանդիսացած են նաեւ «Թոռներ» ցուցահանդէսի ստեղծման համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին