Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Համերգ Գերմանիոյ Էրֆուրթ Քաղաքին Մէջ

17 Հոկտեմբերին Գերմանիոյ Թիւրինկիա երկրամասի մայրաքաղաք Էրֆուրթի մէջ կայացաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանի եւ Թիւրինկիայի վարչապետ Պոտօ Ռամելովի հովանիի ներքոյ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին, գերմանաբնակ հայ երաժիշտներ Լուսինէ Խաչատրեան, Միքայէլ Հախնազարեան եւ Կորիւն Ասատրեան կատարեցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Ալեսանտրօ Մարչելոյի եւ Սերկէյ Ռախմանինովի ստեղծագործութիւնները:

Համերգին սկիզբը ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեցին Թիւրինկիայի վարչապետ Պոտօ Ռամելով, Էրֆուրթի քաղաքապետ Թամարա Թիրպախ, Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան եւ «Արեւելք-Արեւմուտք Վայմարի Դիւան» կազմակերպութեան ղեկավար Գլաուս Կալասը:

Համերգին ներկայ էին Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի պատգամաւորներ, Թիւրինկիայի կառավարութեան եւ Էրֆուրթի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին