Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ԳՈՀԱՐ Համոյթը Այսօր Պէյրութ Կը Ժամանէ

Այսօր գիշեր ՊԷյրութ կը ժամանէ ԳՈՀԱՐ համոյթի 183 արուեստագէտներէ կազմուած արուեստի հսկայական բանակը, իր նուագախումբով, պարախումբով, երգչախումբով, մեներգողներով, տնօրէնով ու խմբավարով:

ԳՈՀԱՐ Համոյթը անգամ մը եւս կու գայ հայկական երգերով ու երաժշտութեամբ՝ հայրենասիրական ոգի փոխանցելու Լիբանանի երաժշտասէր հանրութեան, ներկայացնելով զուտ եւ իսկական Հայկական արուեստը, պարծանք պարգեւելով իւրաքանչիւր հայորդիի:

Նշենք, որ ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք Նուագախումբ եւ Երգչախումբը, Լիբանանի երկնակամարին տակ պիտի բաբախէ ամէն ժամանակի իր սիրուած երգերով՝ 29, 30, 31 Հոկտեմբեր եւ 1 Նոյեմբեր 2015ին, Ֆորիւմ տը Պէյրութի (Forum De Beyrouth) մէջ: 100 տարի, 100 երգ եւ իւրաքանչիւր օր տարբեր համերգային ծրագիր։ Տոմսերը կարելի է ապահովել Virgin Ticketing Box Office-էն եւ առցանց (online)։

«Զարթօնք» բարի գալուստ եւ հաճելի կեցութիւն կը մաղթէ ԳՈՀԱՐին, յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն ցանկալով խումբին, անոր պատասխանատուներուն ու յատկապէս հովանաւոր Խաչատուրեան եղբայրներուն, անոնց ազգանուէր ու ի նպաստ հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթին տարած ազգօգուտ աշխատանքին:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին