Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Անգլիացի Անկոս Տիթըն Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակակիր

                                                                                             Տեղեկութիւնները քաղեց՝
*ԶԱՒԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ*

Սթոքհոլմի մէջ Նոպելեան մրցանակներու յանձնախումբը, Տնտեսագիտութեան 2015ի Նոպելեան մրցանակը շնորհեց՝ անգլիացի գիտնական Անկոս Տիթընի, որ ներկայիս Ամերիկայի մէջ կը բնակի: Տիթըն մասնագիտացած է սեփականութիւններու մանր տնտեսագիտութեան մէջ (Micro Economics):

Տիթըն Նոպելեան մրցանակին արժանացաւ, որովհետեւ յատուկ վերլուծումներ կատարած է երկիրներու ժողովուրդի սպառումի, աղքատութեան եւ հեշտ ապրելու մասին:

Յանձնախումբը իր տեղեկագրութեան մէջ կը բացատրէ, թէ ինչու այս անձին նիւթին շուրջ իր ընտրանքը տուած է՝ «տնտեսական քաղաքականութիւններ, որոնք կ’ամրապնդեն հանգիստ ապրիլը եւ կը սահմանեն աղքատութիւնը՝ կապուած անձերու ծախսելու կարողութեան ընտանիքներէ յառաջացած տրամադրութիւններուն», ինչպէս կ’ըսէ Տիթըն:

Յանձնախումբը կ’աւելցնէ, թէ Տիթընի մեծարանքը յանձնարարուած է երեք կարեւոր հարցումներու շուրջ տուած անոր պատասխաններուն:

-Ինչպէ՞ս ժողովուրդը իրենց ծախսերը կը բաժնեն զանազան ապրանքներու:

1980ին արդէն Տիթըն ուսումնասիրութիւն կատարած էր ցոյց տալու համար, որ ապրանքներու գիներէն եւ եկամուտէն կը յայտնուին անձի մը ծախսելու կարողութիւնները:

Տիթընի ծրագիրը եւ անոր յաջորդող փոփոխութիւնները ներկայիս կը դասաւանդուին՝ ակադեմական շրջանակներու եւ շուկայի գործառնութիւններու ընթացքին:

-Երկրորդ հարցումը՝ ժողովուրդի եկամուտին որքա՞նը կը ծախսուի եւ որքա՞նը կը պահուի: Այս հարցումին պատասխանը կը բացատրէ դրամագլուխներու հաւաքուիլը:

-Երրորդ հարցումը՝ ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյն ձեւով չափել եւ մեկնաբանել հանգիստ ապրիլն ու աղքատութիւնը: Պատասխանը կը գտնուի Տիթընի գործածած չափանիշերու մէջ՝ ընտանիքներու սպառումներու մակարդակներու համաձայն:

Անկոս Տիթըն 70 տարեկան է. ծնած է Սկովտիոյ Էտինպըրկ քաղաքը, ունի երկու հպատակութիւն՝ անգլիական եւ ամերիկեան: Դոկտորայի վկայական ստացած է Գէմպրիճի համալսարանէն 1974ին, իբր փրոֆեսոր կը դասաւանդէ տնտեսագիտութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ Բրիթըն համալսարանին մէջ, Նիւ Եորք – ԱՄՆ, 1983էն ի վեր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին