Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Փարիզի Petit Palais Թանգարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Ազգային Տօնի Պաշտօնական Ընդունելութիւն

Փարիզի հռչակաւոր Petit Palais թանգարանին մէջ 14 Հոկտեմբերին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ՝ ՀՀ Ազգային տօնի պաշտօնական ընդունելութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀայաստանիԱրտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամուլի ծառայութենէն:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուրի հրաւէրով ձեռնարկին մասնակցեցան հազարաւոր հիւրեր, որոնց մէջ էին Ֆրանսայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հարիւրէ աւելի պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, տեղական մարմիններու ղեկավարներ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ քաղաքական գործիչներ, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ մշտական ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի յայտնի հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Գլոտ Պարդոլոնը, Եւրոպական հարցերով պետական նախարար Առլեմ Տէզիրը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, Իլ-տը-ֆրանս շրջանի նախագահ Ժան Փոլ Հիւշոնը:

Դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը եւ Լիոնի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Նիկոլայ Սարգիսովը ուղջունեցին բարձրաստիճան հիւրերը, որուն յաջորդեց ընդունելութեան պաշտօնական մասը` թանգարանի հիւրընկալութիւններու սրահին մէջ:

ՀՀ դեսպանը հանդէս եկաւ Ազգային տօնի պաշտօնական ուղերձով, որուն մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Խորհրդանշական այս տարում, երբ մենք յիշատակում ենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը, անկախութեան օրը իւրայատուկ նշանակութիւն է ձեռք բերում: Այն Ցեղասպանութեան զոհերին եւ Եղեռնը վերապրած մեր բոլոր նախնիներին ուղղուած յայտարարութեան օրն է. մեզ ուզում էին բնաջնջել, վերացնել աշխարհի քարտէզից, բայց մենք մնացինք կանգուն: Յաղթահարելով բազում դժուարութիւններ` մենք ունենք անկախ, ինքնիշխան Հայաստան եւ սեփական պատմութեանն ու արմատներին հաւատարիմ ժողովուրդ սփռուած ողջ աշխարհով»:

«Մենք վստահ ենք, որ հակամարտութիւններով եւ վտանգներով լի ներկայիս աշխարհում, հայ ժողովրդի ապագայի միակ իրական երաշխիքը ինքնիշխան ու անկախ պետականութիւնն է: Սա է մեր Անկախութեան գլխաւոր նպատակը:

Լինելով մարդկութեան դէմ յանցագործութեան զոհ` հայ ժողովուրդն իր պարտքն է համարում մշտապէս լինել յանուն մարդկութեան մղուող պայքարի առաջին գծում: Լինել բոլոր նրանց կողքին, ովքեր պայքարում են յանուն արդարութեան, խաղաղութեան, մարդկային արժէքների, համընդհանուր ազատութիւնների եւ իրաւունքների. ահա մեր Անկախութեան միւս կարեւորագոյն նպատակը: Լինել անկախ` աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու գործին լիակատար մասնակցութիւն ունենալու համար. սա մեծ յաւակնութիւն է մեր երիտասարդ հանրապետութեան համար, բայցեւ բարոյական պարտաւորութիւն հայերի պէս հինաւուրց ժողովրդի համար», եզրափակեց իր ուղերձը դեսպան Չիտեչեան:

Հանդիսաւոր ընդունելութեան պաշտօնական մասին յաջորդեց մշակութային ծրագիրը` ընդունելութեան մասնակցելու նպատակով Երեւանէն յատուկ ժամանած Մալխաս Ճազ խումբի ելոյթով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին