Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

«Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Թուրքիոյ Հետ Փոխզիջման Հասնելու Յաղթաթուղթ». «Sozcu»

Տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը Անգարայի մէջ: Թրքական «Haberturk» լրատուակայքի տեղեկացմամբ`  դռնփակ պայմաններու մէջ  իրականացած հանդիպումէն ետք համատեղ մամլոյ ասուլիս հրաւիրուեցաւ:

Էրտողան յայտարարեց, որ հանդիպման քննարկուած են Թուրքիոյ եւրոանդամակցութեան վերաբերող խնդիրներ: «Ես յատկապէս խնդրեցի Գերմանիային, Ֆրանսային, Անգլիային, Սպանիային եւ նման միւս երկիրներուն` այս հարցով աջակցութիւն ցուցաբերել մեզի», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ նշած է Էրտողան:

Իսկ Մերքել իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ  ընթացած է: Գերմանիոյ վարչապետը նշեց, որ հանդիպման առանցքային թեմաներէն եղած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու փախստականներու խնդիրները: Ըստ անոր` բոլոր հարցերը քննարկուած են  «փոխադարձ շահի» ծիրէն ներս եւ որոշակի «փոխհամաձայնութիւն  ձեռք բերուած է»:

«Եկանք այն ընդհանուր եզրակացութեան, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պէտք է աւելի սերտ ու աշխոյժ համագործակցութիւն ձեւաւորել: Կրնամ ըսել, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ վիզաներու համակարգի, փախստականներու ետ ընդունման պայմանագիրի շուրջ», ըսաւ Մերքել:

Նշենք նաեւ, որ աւելի վաղ թրքական ընդդիմադիր «Sozcu» պարբերականի կայքը լուր մը  հրապարակած էր, թէ փախստականներու խնդիրի կարգաւորման գործին մէջ Էրտողանը «համոզելու» նպատակով, Մերքել իրեն հետ Թուրքիա տարած է  «Հայկական եւ քրտական հարցերու փաթեթները»` մանրակրկիտ մշակուած գերմանացի քաղաքագէտներու կողմէ»: Ըստ նոյն աղբիւրին մասնաւորաբար Հայկական հարցի ծիրէն ներս, Գերմանիան Թուրքիոյ հետ «փոխզիջումներու հասնելու յոյսով պատրաստակամութիւն պիտի յայտներ՝ ալ աւելի յետաձգելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկիրի խորհրդարանին (Պունտեսթակի) մէջ քննարկման սպասող բանաձեւի հաստատումը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին