Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Տաւուտօղլու եւ Մերքել Քննարկած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւուտօղլու երէկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային, կը գրէ News.am-ը:

Թուրքիոյ վարչապետը անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին՝ Պունտեսթակի մէջ քննարկման դրուած Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծին, նորէն խօսած է պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին, կը տեղեկացնէ Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքը:

«Մենք անդրադարձած ենք նաեւ 1915 թուականին վերաբերող թեմաներուն եւ այն նախագիծին, որ այդ առնչութեամբ դրուած է Պունտեսթակի քննարկման: Ես նշած եմ, որ այդ թեմաները իրականութեան մէջ պէտք է քննարկուին ակադեմական մակարդակով` յատուկ յանձնաժողովի կողմէ, որուն կազմին մէջ պէտք է ըլլան նաեւ գերմանացի պատմաբաններ: Ես կ՛ուզեմ եւս մէկ անգամ ներկայացնել թրքական կողմի դիրքորոշումը. Գերմանիան եւ Թուրքիան Առաջին համաշխարհային պատերազմին նոյն կողմի վրայ կը կռուէին, եւ այս հարցով անոնք պէտք է պատմաբաններու յանձնաժողովի կազմին մէջ այլ գիտնականներու հետ ներկայացուած ըլլան, որպէսզի քննարկեն այդ հարցը: Մենք պատրաստ ենք այդ հարցով որեւէ օգնութիւն ցուցաբերելու: Մենք կ՛ուզենք հայերու հետ պատմական հաշտեցման հասնիլ եւ պատրաստ ենք որեւէ համագործակցութեան», ըսած է Տաւուտօղլու:

Անկելա Մերքել իր  հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է հայ-թրքական հաշտեցման հարցով Տաւուտօղլուի առաջարկին համար եւ նշած, որ իր կարծիքով իրենք կրնան շարունակել աշխուժօրէն աշխատիլ միասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին