Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեան Ծանօթացաւ Արցախի Մատենադարանի Շէնքի Կառուցման Ամբողջացման Աշխատանքներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 19  Հոկտեմբերին այցելած է Գանձասարի վանական համալիրին կից կառուցուող Մատենադարանի շէնք եւ ծանօթացած տարուած աշխատանքներուն:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ՝ նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի` Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հաստատութեան խումբ մը գիտաշխատողներու եւ մասնագէտներու հետ:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ աշխատանքները արդէն թեւակոխած են վերջնական հանգրուան եւ շուտով աշխատելու պիտի սկսի այս կարեւոր գիտամշակութային կեդրոնը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնին եւ աշխատակիցներուն` մնայուն աջակցութեան համար նշելով, որ առանց անոնց բարձր մասնագիտական եւ հայրենանուէր գործունէութեան,  անկարելի պիտի ըլլար յաջողութեամբ իրականացնել Արցախի մէջ Մատենադարանի հիմնադրութեան աշխատանքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին