Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Մօտ 1400 Ծնողներ Հանդիպեցան Սահմանամերձ Զօրամասերու Մէջ Ծառայող Իրենց Զաւակներուն Հետ

Արդէն 6րդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած այցելութեան ծիրէ ներս, երեւանաբնակ մօտ 1400 ծնողներ մեկնեցան սահմանամերձ զօրամասեր հանդիպելու իրենց զաւակներուն եւ ծանօթանալու անոնց ծառայութեան պայմաններուն:

Քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ ինչպէս նախորդ բոլոր այցելութիւններու ժամանակ, այս անգամ ալ ծնողները հնարաւորութիւն ստացան շրջելու զօրամասերու մէջ, ծանօթանալու իրենց զաւակներուն ծառայութեան պայմաններուն, իսկ զօրամասի ճաշարաններուն մէջ ալ ծանօթացան ճաշացանկին ու սննդակարգին:

Զինուորական հրամանատարութիւնը ընդգծած է, որ այս այցելութիւնները ոչ միայն ընկերային, այլեւ բարոյահոգեբանական շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման եւ զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման առումով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին