Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Շաբաթավերջին Արձակուած Է Մօտ 3000 Կրակոց

Ղարաբաղա­-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, շաբաթավերջին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է աւելի քան 150 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 82 մմ.-­ոց ականանետէ (1 արկ) եւ ՀԱՆ­17 տիպի նռնականետէ (11 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 3000 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կ՛իրականացնեն իրենց մարտական խնդիրը եւ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատժիչ քայլերու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին