Անցնող օրերուն Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) տարեկան նստաշրջանին, Հայաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը առաջարկներ ներկայացուցած է առանձին բանաձեւերու վերաբերեալ, որոնք ընդունուած են: Այս մասին կը յայտնէ panorama.am-ը:
Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեան տեղեկացուցած է, որ իրենց առաջարկները վերաբերած են՝ սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով փախստականներ ընդունած գործընկեր պետութիւններուն աջակցութիւն ցուցաբերելու:
«Միայն Հայաստան շուրջ 17 հազար փախստական ընդունած է Սուրիայէն: Ճիշդ է պետութիւններու անուններ չտրուեցան, բայց մենք նման առաջարկ ներկայացուցինք, որոնք ընդունուեցան եւ որեւէ խնդիր այս գծով չեղաւ», աւելցուցած է Նահապետեան:
Շարունակելով ներկայացնել Վեհաժողովի աշխատանքները Նահապետեան տեղեկացուցած է, որ ԽՎ Քաղաքական հարցերու յանձնաժողովին մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան կեցուածքը եղած է ինչպէս միշտ:
«Ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը ներկայացուց ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ աւանդական դարձած իրենց ձեւակերպումները եւ որեւէ նոր բան չհնչեց: Պէտք է նշել, որ նախագահը ընդհատեց ազրպէյճանական պատուիրակին, քանի որ օրակարգէն դուրս հարց կը հնչէր: Տպաւորութիւնը այն էր, որ բոլորը յոգնած էին նոյնանման յայտարարութիւններ լսելէ», նկատեց Նահապետեան ընդգծելով, որ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը միայն այդ յանձնաժողովի նիստին մասնակցած է` անտեսելով նստաշրջանի աշխատանքները:
Ընդհանուր առմամբ ըստ Նահապետեանի, ՆԱԹՕի ԽՎ աշխատանքները Հայաստանի համար «եղած են բարենպաստ»։