Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն` Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը, Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելա Մաքսուելի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Panarmenian.net-ի փոխանցմամբ` Vogue Russia-ի խումբը 3 օրուան ընթացքին Հայաստանի մէջ հազարաւոր լուսանկարներ նկարուած է:
Խմբագրութիւնը դիմած է ամերիկահայ լուսանկարիչ Տէյվիտ Մուշեղեանին` ազգային հագուստներով յատուկ նկարներու շարք իրականացնելու առաջարկով: Մուշեղեան խորհուրդ տուած է մեկնիլ Հայաստան ու այնտեղ լուսանկրաներու շարք ընել: Իսկ ատոր գլխաւոր հերոսուհին Սթելա Մաքսուելն է, որ աշխարհի լաւագոյն բնորդուհիներէն (model) մէկն է:

Կը նշուի, որ ազգային ոճով լուսանկարներու շարքը իրականացած է Երեւանի Վերնիսաժի, Գառնիի եւ Գիւմրիի, ինչպէս նաեւ նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցիի տան մէջ:

Որպէս ժամանակակից Հայաստանի «հերոս»` ամսագիրը կը ներկայացնէ տուտուկի վարպետ Ճիւան Գասպարեանը, որ բնորդուհիին հետ նկարուած է լուսանկարներու շարքին մէջ

Յօդուածի աւարտին կը նշուի, որ օդակայանի ճանապարհին Մաքսուել խնդրած է կանգնիլ, եւ փունջ մը հայկական դաշտային կակաչներ քաղած է ու տարած է հետը: Ան նշած է, որ կարմիր գոյնը Հայաստանի մէջ կանացիութեան խորհրդանիշ է: