Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Սամուէլ Կարապետեան. «ՀԷՑ»ի Կառավարումը Պիտի Ըլլայ Պարզ, Հանրութեան Համար Հասկնալի Ու Թափանցիկ»

«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան հանդէս եկած է՝ «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան ձեռքբերման առնչութեամբ յայտարարութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Ինչպէս արդէն յայտարարած ենք, 2015 թուականի Սեպտեմբեր 30-ին «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը եւ «Ինթեր Ռաօ» ընկերութիւնը պայմանագիր ստորագրած են` Հայաստանի Հանրապետութեան ելեկտրականութեան բաժնետոմսերու առքուվաճառքի վերաբերեալ:

«Կողմերու պայմանաւորուածութեան համաձայն «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ՓԲԸ-ն («ՀԷՑ»), պիտի շարունակէ ամբողջ ծաւալով կատարել իր կողմէ նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը նաեւ ամբողջութեամբ իր վրայ կը վերցնէ «ՀԷՑ»ի կառավարման պարտականութիւնը: Ընկերութեան կառավարումը պիտի ըլլայ պարզ, հանրութեան համար հասկնալի ու թափանցիկ` հիմնուած ընկերակցական պատասխանատուութեան կարեւորագոյն բաղկացուցիչի վրայ:

«ՀԷՑ»ի զարգացման գերակայ նպատակներէն  է հակաճգնաժամային ծրագիրի ներդրումը, ընկերութեան ֆինանսական գործունէութեան մեղմացումը, սպասարկման որակի բարձրացումը եւ «ՀԷՑ»ի ֆինանսա-տնտեսական վերահսկողութեան ապահովումը`  որոնց մէջ նաեւ համապատասխան նորագոյն արհեստագիտութեան ներդրման միջոցով: Նախեւառաջ կը նախատեսենք արդիւնաւէտ ներդրումներու միջոցով բաշխիչ ցանցերու ենթակառուցուածքի արդիականացում: Համընդհանուր անզիջում պայքար պիտի մղենք արատաւոր երեւոյթներու, կաշառակեր աշխատողներու եւ անբարեխիղճ սպառողներու դէմ ու ներքին աղբիւրներու կեդրոնացմամբ, որոնց շարքին նաեւ` ելեկտրականութեան կորուստներու նուազեցմամբ պիտի կրճատենք Ընկերութեան ծախսերը, որու արդիւնքով յետագային հնարաւոր պիտի ըլլայ խուսափիլ «ՀԷՑ»ի միջոցով ելեկտրականութեան սակագիներու բարձրացումէն:

«3 միլիոն բնակչութեան շահը մեզի համար անկասկած առաջնահերթ է եւ չի կրնար համեմատուիլ որոշ կաշառակեր աշխատակիցներու եւ անբարեխիղճ սպառողներու շահի հետ:  Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան աջակցելու նպատակով կ՛որոշեմ ընդունիլ իմ անձնական միջոցներու հաշուին` ՀՀ կառավարութեան հետ հաւասարութեան սկզբունքով փոխհատուցել 2015 թուականի Օգոստոս 1էն բարձրացուած սակագիներու տարբերութիւնը` բնակչութեան եւ փոքր գործարարութեան համար:

«Պատրաստ ենք նոր մօտեցումներու, նոր որակի աշխատանքի եւ անկեղծ, կառուցողական գործընկերային փոխյարաբերութիւններու հաստատման»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին