Եւրոպական Խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ ՄԻԵԴի Մեծ պալատը երէկ` 15 Հոկտեմբերին վճիռ կայացուց՝ «Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» դէմ դատական գործի վերաբերեալ:
Դատաւորները որոշած են, որ տեղի ունեցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 10-րդ յօդուածի խախտում եւ այդ հիմքով մերժած են Զուիցերիոյ հայցը:
Որոշման մէջ նաեւ կը նշուի, որ ՄԻԵԴէն չի պահանջուիր սահմանել` արդեօք 1915թ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած հայ ժողովուրդի կոտորածներն ու զանգուածային տեղահանութիւնը կրնա՞ն բնութագրուիլ որպէս Ցեղասպանութիւն, եւ որ ՄԻԵԴը իրաւասութիւն չունի այս հարցի վերաբերեալ իրաւական ուժ ունեցող գնահատական տալ:
Նշենք, որ նախորդ` Ստորին պալատի որոշման մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրուած էր որպէս պատմական վիճելի փաստ, որ որպէս երրորդ կողմ կը վիճարկէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: ՄԻԵԴի մէջ մեր երկրի իրաւունքները պաշտպանած են յայտնի փաստաբաններ Ճեֆրի Ռապըրթսընը, Ամալ Ռամզի Քլունին եւ Թոպի Քոլիսը:
Յիշեցնենք, որ 2008ին Զուիցերիոյ դատարաններէն մէկը դատապարտած էր Թուրքիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փէրինչէքին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Փէրինչէքը դիմած էր ՄԻԵԴ, եւ 2013ին Եւրոպական դատարանի ստորին պալատը որոշած էր, որ Զուիցերիոյ դատարանի վճիռը Մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի 10րդ յօդուածի ոտնահարում է: Զուիցերիոյ կառավարութիւնը իր հերթին դիմած էր ՄԻԵԴ` գործը ՄԻԵԴ Մեծ պալատ փոխանցելու խնդրանքով, որ 2014ին բաւարարուած էր: 28 Յունուարին ՄԻԵԴի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցած են «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով դատական լսումները: