Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայ Գրատպութեան Եւ Գրքարուեստի Հանրագիտարանը Կ՛ամփոփէ Հայոց 500 Տարուան Գրականութեան Պատմութիւնը

Նորընծայ Հայ գրատպութեան եւ գրքարուեստի հանրագիտարանը կ՛ամփոփէ հայոց 500 տարուան գրականութեան պատմութիւնը:

«Արմէնփրես»­ի հաղորդմամբ` այս մասին Հոկտեմբեր 14­ին լրագրողներուն գիրքը ներկայացնելով ըսած է՝ «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր­-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեանը: «Այն ամփոփ ներկայացնում է 500 տարուայ ընթացքում մեր տպարանները, հրատարակիչներին, հնատիպ գրքերը, դրանց տպագրման նախաձեռնողներին, ամսագրերն ու լրագրերը եւ այլն: Յոյս ունեմ, որ հասարակութեան լայն շերտերն այն լաւ կ’ընդունեն, սակայն վերջին շրջանում առկայ է գրքերի նկատմամբ որոշակի սառնութիւն»,- նշած է Յովհաննէս Այվազեանը:

Գիրքին գլխաւոր հեղինակներէն մէկը եւ ամբողջ աշխատանքային ընթացքի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ գիրքի պատրաստման աշխատանքները տեւած են 3­4 տարի: “Արտաքուստ թւում է, թէ այսօր տեղեկատուական աղբիւրները շատ են, եւ կարելի է արագ կողմնորոշուել եղածին մէջ, սակայն որքան շատ աղբիւր ունես` այնքան շատ ժամանակ է պահանջում բոլոր տեղեկութիւնները համատեղելն ու համադրելը», աւելցուցած է Յովհաննէս Այվազեանը:

Հայ գրատպութեան եւ գրքարուեստի հանրագիտարանը տպագրուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Մօտ 1200 ­ էջնոց հատորին մէջ նաեւ տեղ գտած են յօդուածներ Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ տպագրուած գիրքերու վերաբերեալ: «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը անկախ Հայաստանի տարիներուն տպագրած է արդէն 16 անուն հանրագիտարան, որոնց մէկ մասը բազմահատոր է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին