Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Իտալիոյ Փիեմոնթէ Նահանգի Իվրէայի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Փիեմոնթէ (Piemonte) նահանգի Իվրէայի (Ivrea) քաղաքային խորհուրդը, 12 Հոկտեմբերին կայացուցած նիստին միաձայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ճանչնալով պատմական ճշմարտութիւնը, քաղաքային խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին եւ անոր անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն:

Նիստի պատուաւոր հիւրերը եղած են հայ գրող եւ բեմադրիչ Վազգէն Պերպերեանը եւ Իվրէայի Իտալական համախոհներու ազգային ընկերակցութեան (ANPI) ներկայացուցիչները:

Քաղաքային խորհուրդը յոյս յայտնած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը քայլեր պիտի ձեռնարկէ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին