Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

System of a Down Խումբը Փարաճանով-Վարդանով Հիմնարկի Մրցանակ Պիտի Ստանայ

Աշխարհահռչակ System of a Down խումբը Փարաճանով-Վարդանով հիմնարկի մրցանակ պիտի ստանայ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 21-ին Հոլիվուտի մէջ, ըսուած է հիմնարկի «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ: Երաժիշտները պիտի պարգեւատրուին Wake Up the Souls շրջագայութեան համար, որ ցոյց կու տայ արդարութեան հասնելու անոնց ձգտումը:

Հիմնարկը կը զբաղի Սերկէյ Փարաճանովի եւ Միքայէլ Վարդանովի, որոնք իրենց կեանքը նուիրած էին բռնապետական վարչակարգերու անարդարութեան դէմ պայքարին մէջ, աշխատանքներու պահպանումով եւ ցուցադրութեամբ:

Անցեալ տարի այս մրցանակը յանձնուած էր հանրայայտ բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզէին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին