Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Նիտըրլանտներու Ասեն Քաղաքին Մէջ

Նիտըրլանտներու (Հոլանտա) Ասեն քաղաքի «Բոտիում Զաուտհախէ» մշակութային կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Նիտըրլանտներու մէջ բնակող հայ նկարիչներու` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը: Ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Ասենի «Արմենիա» միութեան կողմէ, պիտի գործէ 6 շաբաթ՝ ներկայացնելով հայ նկարիչներ Պետրոս Մարկոսեանի (Ալմելօ), Սամուէլ Յարութիւնեանի (ՀՀ), Մովսէս Պօղոսեանի (ՀՀ), Աննա Ֆատոյի (Ասեն) եւ քանդակագործ Համբարձում Սայադեանի (Ասեն) աւելի քան 80 գործեր: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն։

Ցուցահանդէսի բացման մասնակցներուն իր խօսքը ուղղեց Ասենի փոխքաղաքապետ Ռուտ Վիսեմանը, որ յիշեց Ասենի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման շուրջ ծաւալած գործընթացները եւ անոր կարեւորութիւնը իբրեւ յանցագործութեան դատապարտման գործին մէջ էական գործօն: Մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Բոտիում Զաուտհախէ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Գ. Նիւուէլը, որ գոհունակութիւն յայտնեց մշակութային կեդրոնի տանիքի ներքոյ նման ցուցահանդէս հիւրընկալելու հնարաւորութեան համար:

Բացման արարողութեան մասնակիցներուն իր ուղերձը յղեց նաեւ Նիտըրլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան: Ան կարեւոր համարեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին այսպիսի ցուցահանդէսի մը բացումը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի կենսականութիւնն ու արարելու ջիղը, որ իր արտացոլումը գտած է ներկայացուած գծանկարներու գոյներու եւ պատկերներու մէջ: Ան նշեց, որ Ցեղասպանութիւն մտայղացած ոճրագործ միտքի լաւագոյն պատասխանը անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն է, որ իր բարեկամներու եւ աջակիցներու հետ կը ջանայ հայ ժողովուրդին համար կերտել ապահով, բարգաւաճ ու պայծառ ապագայ:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան հայ աւանդական տուտուկի կատարումներով հանդէս եկան Նիքոլայ Ռոմաշուքը ու Վահէ Յովհաննիսեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին