ԼՂՀ Հատրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ Հոկտեմբեր 17-ին կայանալիք՝ Արցախեան գինիի փառատօնի կազմակերպիչ յանձնաժողովը հրապարակած է փառատօնի մշակութային ծրագիրը:
ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով, անիկա կը ներառէ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն, երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի ազդարարուի տաշտի մէջ խաղողը ճզմելու ծիսակատարութեամբ եւ նախորդ տարուան արարողութենէն ստացուած գինիի շշալցումով:
Երաժշտական համերգին պիտի մասնակցին «Մենք ենք մեր սարերը» խումբը, Տողի արուեստի դպրոցի աշակերտները, Կովսականի ազգագրական պարախումբը: Համերգին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ «Հայաստանի ձայնը» հեռուստանախագիծի մասնակից Լիլիթ Աւանեսեանը: Փառատօնի մշակութային ծրագիրին պիտի մասնակցի նաեւ դերասան, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Հրանդ Թոխատեանը:
Ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին պիտի ներկայացուին արցախեան վարպետներու կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ, արցախեան գորգեր, կաւէ ամանեղէն, արցախեան զարդեր եւ այլն: Ձեռնարկի ամբողջ ընթացքին Տողի Մելիքական ապարանքի տարածքին վրայ պիտի կազմակերպուին՝ տարբեր ազգագրական խաղեր եւ պարերու ուսուցում փառատօնի հիւրերու մասնակցութեամբ:
Բացի գինիի տօնավաճառէն, Տող գիւղի եւ մօտակայ համայնքներու ներգրաւումով պիտի կազմակերպուի նաեւ Արցախեան բարիքներու տօնավաճառ, ուր պիտի ներկայացուի գիւղական արտադրանք: Փառատօնի աւարտին հիւրերուն կը սպասուի վիճակախաղ եւ աճուրդ` ժամանցը աւելի հետաքրքրական դարձնելու նպատակով:
Նշենք, որ Արցախեան գինիի փառատօնը ամէնամեայ տօնախմբութիւն է, որ կը կազմակերպուի Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթ օրը: Անիկա նպատակ ունի զարգացնելու համայնքներու հասարակական-տնտեսական եւ մշակութային կեանքը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու հանդիպման հարթակ ԼՂՀ եւ ՀՀ գինեգործներու միջեւ: Փառատօնին իրենց արտադրանքը պիտի ներկայացնեն ԼՂՀ շրջաններէն եւ ՀՀ-էն ժամանած գինի արտադրողներ: Նախորդ տարի փառատօնին մասնակցած էին 24 գինեգործներ եւ աւելի քան 1500 հիւրեր Արցախէն, ՀՀ-էն եւ արտերկրէն: