Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Համաժողովին Ընդունուած Է ՀՀ-ի Մշակած Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Բանաձեւը

Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան՝ Ֆրանքոֆոնի նախարարական համաժողովի ժամանակ ընդունուած են 5 բանաձեւեր, որոնցմէ 3-ը Հայաստանի նախաձեռնութեամբ: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման: Այս մասին 12 Հոկտեմբերին,  ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլլա Ժանին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան:

Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ համաժողովի ընթացքին ընդունուած բանաձեւերէն մէկը միտուած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, անիկա կոչ է ուղղուած ամբողջ աշխարհին` այլեւս երբեք թոյլ չտալ նոր յանցագործութիւններ եւ ցեղասպանութիւններ:

«Մենք բաւական ջերմ հանդիպում եւ զրոյց ենք ունեցել: Դա յաջող նախարարական համաժողով էր: Կը ցանկանայի նշել, որ այդ նախարարական համաժողովը նաեւ լաւ հարթակ է երկկողմ հանդիպումների անցկացման համար: Ես ինքս օգտուելով առիթից, մօտ 25 հանդիպում եմ անցկացրել», նշեց Նալպանտեան: Նախարարին խօսքով Ֆրանքոֆոնի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրուած են: «Հայաստանը եւս մէկ անգամ հաստատեց Ֆրանքոֆոնիայի նպատակներին եւ արժէքներին հաւատարիմ մնալու որոշումը», նշեց արտաքին գործոց նախարարը:

Էտուարտ Նալպանտեան Միքայէլլա Ժանին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ոսկէ շքանշան յանձնեց՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 31-րդ նստաշրջանը կազմակերպելու գործին մէջ իր ունեցած աւանդին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին