Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Միքայէլլա Ժան Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի ուղեկցութեամբ՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլլա Ժան, 12 Հոկտեմբերի առաւօտեան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Միքայէլլա ժան եւ Էտուարտ Նալպանտեան ծաղիկներ դրին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Այնուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ՝ հիւրերը այցելեցին թանգարան եւ ծանօթացած ցուցանմուշներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին