Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Ֆրանքֆորթի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին Պիտի Ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գրականութիւն

14էն 18 Հոկտեմբերին Հայաստան իր առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէս–տօնավաճառին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Մշակոյթի նախարարութենէն:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ արտերկրի՝ մասնաւորաբար Գերմանիոյ մէջ հրատարակուած գիրքեր, որոնց մէջ պիտի ըլլան ինչպէս պետական պատուէրով ու աջակցութեամբ, այնպէս ալ մասնաւոր հրատարակչութիւններու նախաձեռնութեամբ հրատարակուած մօտ 300 անուն գիրքեր: Տաղաւարի առանձին հատուածին մէջ պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գրականութիւն:

ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս` 16 Հոկտեմբերին  տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով հրատարակուած գերմանալեզու գիրքերու շնորհանդէս, որոնց շարքին են Միհրան Տապաղի, Քրիստին Փլաթի «Կորուստ եւ կտակ. Կը յիշեն Ցեղասպանութեան վերապրածները», Ռոլֆ Հոսֆելտի «Մահ անապատին մէջ. Հայոց Ցեղասպանութիւն», Միխայել Հեզեմանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Առաջին համաշխարհային պատերազմի մեծագոյն յանցագործութեան մասին Պապական գաղտնի արխիւի չհրապարակուած փաստաթղթերով», Եւրկեն Գոթշլիխի «Աջակցութիւն Ցեղասպանութեան». Գերմանիոյ դերը հայերու ոչնչացման մէջ», Թոմաս Հարթվիգի «Հայուհին» ստեղծագործութիւնները:

Ցուցահանդէսին հայաստանեան պատուիարակութեան մաս կը կազմեն շարք մը հրատարակիչներ եւ գրական կազմակերպութիւններ, ինչպէս «Անտարես», «Զանգակ», «ԵՊՀ» հրատարակչութիւնները, «Պուքինիստ» գրախանութը, «Առաջին գրական գործակալութիւն»ը եւ ուրիշներ:

Հայաստան Ֆրանքֆորթի գիրքի միջազգային ցուցահանդէս–տօնավաճառին կը մասնակցի ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աջակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին